Note de episod
Առաջին հատորի ողբերգական դէպքերէն երեք տարի ետք, «Զարթօնք»ը մեզ կը տանի նոր աշխարհ մը՝ ԵՐԿԻՐ։
Կը հետեւինք յեղափոխական շրջիկի մը եւ խումբ մը ֆետայիներու վտանգաւոր ճանապարհորդութեան։ Օսմանեան իշխանութիւններու եւ քրտական զինեալ խումբերու հսկողութեան տակ, անոնք գիւղէ գիւղ կ՚անցնին՝ հասնելու համար Վան։
Այս ճամբորդութեան ընթացքին մեր առջեւ կը բացուի Վասպուրականի հայկական գիւղերու կեանքը՝ իր առօրեայ հոգերով, գաղտնի պայքարով եւ ազատութեան տենչով։
Կրկին կը հանդիպինք առաջին հատորէն մեզի ծանօթ Գէորգին, Առիւծ Գեւոյին, Թոփալ Սատանային, Նիկոլին ու Յակոբին, եւ կը ծանօթանանք նոր կերպարներու, որոնց հետ պիտի…
Site: podcasters.spotify.com

