Notas del episodio
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման դէմ կազմակերպուած բուռն եւ արիւնոտ ցոյցերէն ետք, հայկական գիւղերը կը գտնուին ցարական իշխանութեան երկաթեայ բռունցքին տակ։ Դիմադրութիւն կ'ընդլայնուի ՝ իր հետ բերելով թէ՛ յոյս, թէ՛ վտանգ։Այս աճող լարուածութեան մէջ Վարդանի, Եւգինէի, Քաչալի (Արշակ) եւ Գէորգի ճամբաները կը սկսին փոխուիլ։ Եւգինէին եւ Քաչալին վերամիաւորումը խաղաղ, բայց ծանր պահ մըն է մեր սիրահարներուն համար: Իսկ Քաչալի եւ իր ընտանիքի հանդիպումը 14 տարուան բաժանումէն ետք ուրախալի պահ մըն է նախքան իրերայաջորդ փոթորիկները որոնք կը սկսին ձեւ առնել:Սակայն գլխաւոր հարցումը կը մնայ՝ ի՞նչ…
Web: podcasters.spotify.com

