Show notes
Լեռներու խորքը, ծածուկ գիւղի մը մէջ, լռութիւնը կը դառնայ ապաստարան։ Այստեղ կը ծնին ռումբեր ու թնդանօթներ, հեռու դաւադիր աչքերէն՝ երկրի ժողովուրդին ծառայելու համար։ Գիշերային ժամերուն, Թիֆլիսի սիրտը կը բացուի գաղտնի գործողութեան մը առջեւ․ զինանոց մը կը դատարկուի, իսկ հարցումը կը կախուի օդին մէջ՝ ո՛վ կրցաւ անառիկ բերդի պատը ծակել, եւ ո՞ւր անհետացաւ «ապրանքը»։
Ծովեր անցած յեղափոխականներ կը հանդիպին, կը գործեն ու կը կապուին իրար՝ իբրեւ հարազատ եղբայրներ։ Ամէն մէկը իր ճամբան ունի, իր դերը, իր լուռ ցաւը, սակայն նպատակը մէկ է բոլորին համար։
Այս դրուագը փոթորիկին նախաշեմն է՝ անկեղծ ու լարուած պահ…
Website: podcasters.spotify.com

